2015-06-02 10:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական ճամբորդութիւնը Սարայեւօ` եւրոպայի Երուսաղէմ


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ 6 Յունիս 2015-ին Սարայեւօ կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ Պոզնիա - հերցեկովինայի կատարուած` վերջին 18 տարիներուն երրորդ առաքելական ճամբորդութիւնը։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը երկիրը այցելած էր 12-13 ապրիլ 1997 ու ապա 22 յունիս 2003-ին։

Ֆրանչիսկոս Պապին 8-րդ միջազգային այս ճամբորդութեան կեդրոնական նիւթը կը հանդիսանայ խաղաղութիւնը ինչպէս կը բացայայտէ ճամբորդութեան նշանաբանը  ''խաղաղութիւն ձեզի'' ուր նկարագրուած է նաեւ խաղաղութիւնը խորհրդանշող աղաւնի մը ձիթենիի մէկ ճիւղով։

Սրբազան Հօր Առաքելական միօրեայ ճամբորդութեան յայտագիրը ունի վեց հանգրուաններ որոնք սկիզբ կ՛առնեն հանրապետութեան նախագահութեան վարչակազմի երեք անդամներուն ու երկրի իշխանութիւններուն հետ հանդիպումով, ապա սուրբ պատարագ քաղաքի մարզադաշտին մէջ, սիրոյ ճաշ տեղական եպիսկոպոսներուն հետ մինչ յետմիջօրէին` հանդիպում  կղերական դասին հետ ու միջ-կրօնական աղօթք։ Խիտ յայտագիրով օրուան վերջին հանդիպումը յատկացուած է երիտասարդներուն որ տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի անուան թեմական նորակառոյց կեդրոնին մօտ։

Յայտնենք որ Սարայեւոն ըլլալով բազմամշակութային ու բազմակրօն քաղաք` ճանչցուած է նաեւ որպէս Եւրոպայի Երուսաղէմ` ուր Պալքանեան պատերազմէն ետք­, 1991-էն` 1996, երեք միաստուածեան կրօններու միջեւ ժամանակին տիրող բարի յարաբերութիւնները սկսած են աստիճանաբար վերագտնել իրենց նախկին ուղեգիծը։

Քրիստոնէութիւնը Սարայեիօ հասած է Զ դարուն եւ Է դարուն սկիզբ կ՛առնէ զանգուածային յարում քրիստոնէական հաւատքին, թէեւ քրիստոնէութեան  վերջնական հաստատումը տեղի ունեցաւ 9-րդ դարուն Մութիմիրի թագաւորութեան ընթացքին։ Սարայեւոյի աւետարանութեան գործընթացին մէջ մեծ դեր ունեցած են Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս սուրբ եղբայրները։

Իսլամութիւնը Սարայեւօ մուտք գործեց 1463-ին, Օսմանեան կայսրութեան ընթացքին մինչ հրեաներու ներկայութիւնը սկիզբ առած է 1492-ին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.